Այո’ մեր սուրբ նահատակները, ընծայաբերեցին իրենց կեանքը ի սպաս հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան, եւ մենք կերդնունք’ մեր Լուսապսակ նահատակներուն վճռակամութեամբ, վերադարձնելու մեր սուրբ հողերը։
   Արդարեւ Գամիշլի Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղը, յատուկ պատշաճութեամբ, մատղաշ սերունդին ուրախացնելու միտումով , 30 Դեկտեմբեր 2020-ին կազմակերպեց Ամանորեայ խրախճանք (Փարոս) վարժարանի աշակերտութեան, որու ընթացքին Ընկհ.Ռուզան Պետրոսեան փոխանցեց Վարչութեան խօսքը։ Ապա Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան տուաւ իր հայրական խրատը ու Օրհնութիւնները։