Ասմունք, բանաստեղծութիւն, գիր, գրականութիւն… ոմանց համար մոռացութեան մատնուած են, իսկ այլոց ուշադրութեան կիզակէտին մէջ կը մնան: Ժամանակի մը մէջ, ուր կը կարծուի, թէ նոր սերունդը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը ընթերցանութեան ու հայ գրականութեան նկատմամբ, Հալէպէն 13 պատանի-երիտասարդներ կու գան հակառակը ապացուցելու, ճիգ մը ցոյց տալու:
Նախորդ տարուան ընդունելութենէն ու յաջողութենէն ետք, երկրորդ տարին ըլլալով Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը կը ձեռնարկէ ասմունքի դասընթացքի, ընկհ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի ղեկավարութեամբ՝ քայլ մըն ալ առաջ մղելով ասմունքի սիրահարները: Ամիսներ առաջ յայտարարուեցաւ դասընթացքին մասին, մասնակցիլ փափաքողները շատ էին, սակայն դասընթացքը սահմանափակուած էր 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ կարգերուն մասնակցութեամբ: Դասընթացքը մասնագիտական ըլլալուն, դիմողները անցան ընդունման քննութենէ, արտասանելով քերթուած մը:
Անոնք դասընթացքին լրջօրէն հետեւեցան, սորվեցան եւ քիչ մըն ալ անձնական դրոշմ աւելցուցին իրենց ասմունքին: Այս իմաստով ակներեւ էր իւրաքանչիւրին ներկայացման ձեւի եւ առոգանութեան բարելաւումը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 16 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցած ասմունքի երեկոն եկաւ երեք ամսուան այս աշխատանքին արդիւնքը հանրութեան հրամցնելու:
Բացման խօսքով ընկհ. Սոնա Ադամեան-Չալօղլեան յայտնեց, որ ասմունքը իւրայատուկ դեր ունի հայ գրականութեան գոհարները ոչ միայն ներկայացնելու ունկնդիրին, այլեւ անոր իմաստն ու խորութիւնը ըմբոշխնել տալու: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ արժէքներու համակարգի փոփոխութեան այս դարուն, երբ շատ մը երիտասարդներ աստիճանաբար կը հեռանան գիր-գրականութենէն, արուեստէն ու մայրենիին օգտագործման նախանձախնդրութենէն՝ իրենց ժամերը առաւելաբար լեցնելով արհեստագիտութեան սոսկ ժամանցի հարթակներուն վրայ, հայ կրթական մշակներ կրկին ժամեր կը տրամադրեն մատղաշ սերունդներուն ուշադրութիւնը ուղղելու հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Չալօղլեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց դասընթացքի ղեկավարին՝ տիկ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանին, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնց գործակցութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք մը լրումին հասաւ:
Ասմունքի շարքը սկսաւ Լոռի Մաթոսեանը, արտասանելով Յ.Շիրազի «Սոխակի Ճակատագիրը», ապա Աննա Չալաքեան Վ.Թէքէեանէն «Անունդ» եւ «Ես Սիրեցի» քնարական բանաստեղծութիւնները ասմունքեց, որոնց յաջորդեց դարձեալ Թէքէեանի «Տաղ Հայերէն Լեզուի» քերթուածին ասմունքը՝ Շողեր Տէր Յովհաննէսեանի կատարողութեամբ:
Օրուան բեմավար Թամար Գազանճեան-Քէօշկէրեան պարբերաբար տեղեկութիւններ հրամցուց հեղինակներուն մասին: Նայիրի Բարսեղեան տպաւորիչ առոգանութեամբ պատմեց «Առիւծը եւ Այծը» առակը: Նանոր Մարտիկեան Շիրազի «Հայոց Լեզուն» հնչեցնելով ներշնչեց հանդիսականները: Սելլա Ասթարճեան եւ Յակոբ Ասթարճեան ներկայացուցին Ալամիա Յովհաննէսեանի «Հայաստան» երկը: Հետաքրքրական ոճ մը ունէր Հուրի Տէլիքտէրեանը, երբ Շիրազէն «Խեղճ Մայրիկը» կ’ասմունքէր, իսկ Համազասպ Շաքարեանը առնական երանգ մը տուած էր իր ասմունքին՝ Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը ասմունքած պահուն:
Պ.Սեւակի բանաստեղծութիւններու կարգը հասած էր. «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք»ը ասմունքեց Արփի Արապանեան, «Որդուս»ը՝ Աննա Սաղպազարեան ու Քարէն Գատէհճեան, որոնց ներկայացումը փշաքաղեց ներկաները: Երբ հնչեց Արցախի ինքնապաշտպանութեան Հալէպահայ նահատակներուն՝ հրամանատար Յարութ Բանոյեանին, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նուիրուած քերթուած՝ «Բարձրունքն Էլ Մերը Չէ, Տղերքն Էլ Չկան»ը, սրահին մէջ քար լռութիւն տիրեց, հպարտութիւնն ու տխրութիւնը միախառնուեցան, սակայն ասմունքող Սելլա Ասթարճեանը հպարտութիւն առթող առոգանութեամբ բարձրացուց տրամադրութիւնները: Լիլիթ Ժամկոչեան Ժագ Յակոբեանի «Մենք»ը եւ Յակոբ Շաքարեան Սիամանթոյի «Ափ Մը Մոխիր»ը ներկայացուցին: Շիրազէն «Համաշխարհային Վիշտը» խոր ապրումով ասմունքեց Աննա Սաղպազարեան, իսկ Քարէն Գատէհճեան Պարոյր Սեւակէն տպաւորիչ առոգանութեամբ «Երբ Աչքերն Են Սառում»ը ասմունքեց: Վերջին ասմունքը Նանոր Մարտիկեանի եւ Համազասպ Շաքարեանի մեկնաբանութեամբ հնչած Յ. Շիրազի «Նոյի Ագռաւներ»ն էր:
Աւարտին, հետաքրքրական բեմականացումով մը բոլոր մասնակիցները բեմ բարձրացան Ժագ Յակոբեանի «Կանք Ու Կը Մնանք»ը արտասանելով, անոնց միացաւ դասատու՝ Ռիթան ու ամիսներու աշխատանքին պատկերը ամբողջացաւ:
Ապա մասնակիցներուն «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետին՝ ընկհ. Մարալ Տիքպիքեանի ձեռամբ հաստատագիրներ բաշխուեցան: Հուսկ խօսք առաւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, բարձր գնահատելով սոյն ձեռնարկն ու վերակացուները, որոնք կրցան սիրաշահիլ աշակերտները ու անոնց մէջ սերմանել գրականութեան հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը:
Ելոյթը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Մասնակիցներուն եռանդն ու խանդավառութիւնը փոխանցուած էր իրենց հանդիսատես ընկերներուն, որոշումը արձակուած էր… իրե՛նք եւս պիտի մասնակցէին յաջորդ տարուան դասընթացքին, իսկ ասմունքողները դասատուին ու յանձնախումբին հրաժեշտ տալով կ’ըսէին. «Անհամբեր կը սպասենք գալ տարուան դասընթացքին, մի՛ ուշանաք»:
Սեւանայ Հալլաճեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)























