Գամիշլիի Աւետիս Ահարոնեան Մասնաճիւղի կողմէ, ծրագրուած Բժշկական գիտելքներուն երկրորդ Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 03 Մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին փոխանորդարանի դահլիճէն ներս, գաղութիս հայ մայրերու եւ քոյրերու հոծ բազմութեամբ։ Դասախօսութեանը նիւթն էր Ոսկորախտ (هشاشة العظام) ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Բժկ. Պահճադ Իատին որուն ներկայացումը եղաւ բաւականին արդիւնաւետ, ապա ներկաները ուղեցին իրենց լուսաբանական հարցումները, որմէ ետք վարչութիւնս համեստ հիւրասիրութիւն մը կատարեց, ապա խորհին շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկին, ինչպէս նաեւ հայ մայրերու եւ քոյրերուն որոնք հաւատացած են համազգայինի վարչութեան ազգանուէր շաբաթական ներկայացուած ծրագիրներուն։






