Ծնած է ԱԽալքալաք, 1873-ին: Ուսումը առած է Թիֆլիսի մէջ, ապա ուսանած բժշկութիւն՝ Զուիցերիոյ եւ Մոսկուայի համալսարաններուն մէջ: Ուսանողական օրերէն սկսած է կուսակցական աշխատանքներու, հաւատարմօրէն շարունակելով մինչեւ իր մահը: Օհանջանեան եղած է անձնազոհ, անարատ եւ ամբասիր հասարակական եւ յեղափոխական գործիչ մը, յարգուած իր ընկերներէն եւ իր պատկանած կուսակցութեան բոլոր հակառակորդներէն:
1912-ին կ’աքսորուի Սիպերիա, ազատ կ’արձակուի 1915-ին: Վարչապետ կը նշանակուի 1920-ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, կ’անցնի Պարսկաստան եւ այնտեղէն Գահիրէ, ուր կը մնայ այնուհետեւ:
Գիտակից այն ահաւոր վտանգին, որ կը սպառնար սփիւռքի հայութեան, հայ մշակոյթի ճանապարհով հայութիւնը հայ պահելու ճիգին կը նուիրուի իր բարեկամներուն եւ գործակիցներուն հետ, դառնալով յամառ պաշտպանն ու պահապանը Համազգային ընկերութեան, որուն հիմնադիրներէն մէկն էր եւ նախագահը ամբողջ 18 տարիներ: Տէր կանգնելով հանդերձ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Համազգայինի մասնաճիւղերուն, Փարիզ գտնուած միջոցին հիմը կը դնէ Փարիզի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ իր մեծ ներդրումը կ՛ունենայ 1930-ին Պէյրութի մէջ բացուած երկրորդական վարժարանին՝ Հայ Ճեմարանին հիմնադիրներու զմայլելի կամքով եւ աննկուն զոհողութիւններով:
Համօ Օհանջանեանկը մահանայ 1947-ին: Իր մահէն ետք Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նստավայրը կ’ըլլայ Պէյրութ, նախագահութեամբ Լ. Շանթի:
Հ. Օհանջանեան ամէն տեսակի մեծ տիտղոսներու փոխարէն սիրով յանձն կ’առնէ հայ մշակոյթի համեստ գործիչի անունը ու ջանք չի խնայեր կանգուն պահելու Համազգայինը եւ անոր հիմնած Ճեմարանը: