Կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան Մասնաճիւղի վարչութեան
Տեղի ունեցաւ «Ես կարդալ կը սիրեմ»վերնագրով փոքրիկներու նուիրուած ձեռնարկ:
Փոքրիկները լսեցին պատմութիւններ, խաղցան, ստացան նուէրներ եւ հիւրասիրուեցան:
Օրուայ մեծ անակնկալն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի այցելութիւնը հոն գտնուող փոքրիկներուն որուն ներկայութեամբ ամբողջացաւ բոլորիս ուրախութիւնը: