pg
   Երկուշաբթի 1 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս ընթացք առին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպած երաժշտական համերգները, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտներուն։
   Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան։ Ան անդրադարձաւ երաժշտանոցի առաքելութեան, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ նեցուկ կը կանգնի երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։
   Օրուան հանդիսավարն էր Մարինէ Մարգարեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան առաջին դասարանի ինը աշակերտներ, իւրաքաչիւրը երկու երգով, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Հանդէս եկան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի տիկ. Մարգարիտ Պանտաքի վեց աշակերտները եւ քանոնի ուսուցչուհի օրդ. Նարինէ Տոլմօղլեանի աշակերտը։
   Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
   Յիշենք, որ վաղը՝ Երեքշաբթի 2 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ երաժշտական Բ. համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։