Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 26 Դեկտ. 2019-ին, կազմակերպած էր «Երիտասարդական Երեկոյ» անուան տակ երիտասարդներու հաւաք մը, «Սահակեան» սրահէն ներս:
Այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին քաջալերելի թիւով երիտասարդներ:
Երեկոն կ՛ընդգրկէր զարգացման մրցում, խաղեր, Karaoke եւ ընթրիք, որոնք ընթացան ջերմ եւ ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ: