Կիրակի, 21 Փետրուար 2021-ին երեկոյեան ժամը 6։00-ին, սկիզբ առաւ մասնաճիւղիս վարչութեան կազմակերպած ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ «Սահակեան» սրահէն ներս ։
Ձեռնարկին ներկայ էր գիւղիս հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը եւ մեծ թիւով երիտասարդներ։
Օրակարգը ընդգրկեց` զարգացման մրցում, խաղեր եւ երգեր։ Երիտասարդները ճոխացան եւ նուագով, երգով ու պարով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Նաեւ Քեսապի աւանդական առածները, երգն ու պարը անմասն չմնացին յայտագիրէն։
Երկրորդ տարին է որ կը կրկնուի այս հաճելի երեկոն։ Երիտասարդները գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն։
Այո՛, տագնապալի ժամանակաշրջանէ մը կ՛անցնինք, բայց նաեւ մշակոյթով ու արուեստով պիտի յաղթենք։