Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Միաւորի Վարչութիւնը 14 Ապրիլ 2021-ին, ԱՄԺ Տան “Լ. Շանթ” սրահէն ներս կազմակերպեց խորհրդաժողով, ներկայութեամբ հիմնարկին նախկին եւ ներկայ կարգ մը դասախօսներուն։ Խորհրդաժողովի հիմնական նպատակն էր արծարծել հիմնարկի ծրագիրի արդիականացման ու վերամշակման միտող գաղափարներ։ Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւողութեամբ, նախկին դասախօսներու առցանց մէկտեղումով ընթացող խորհրդաժողովին առաջադրուեցան հիմնարկին վերելքին նպաստող շահեկան միտքեր։
Հիմնարկը բոլորած ըլլալով իր 25 ամեակը, այս առիթով մասնակիցները իրենց ջերմագին բարեմաղթութիւններն ու ապագայի նկատմամբ պատկերացումները փոխանցեցին։