Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով մէկ տարի յետաձգուելէ ետք, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, ինչպէս միշտ, փայլուն ծրագիրով մը բեմ բարձրացաւ եւ լաւագոյն կատարողութեամբ հալէպահայութեան տրամադրութեան վերելք մը ապրեցուց։
Այո՛, կիսատ մնացած էր այդ երգը… Ի՞նչ երգի մասին է խօսքը սակայն:
Որեւէ ձեռնարկ կազմակերպելու համար որքա՜ն տրամադրութիւն պէտք է, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ժողովուրդին մեծ մասը յուսահատ, ելք մը կը փորձէ գտնել այս նեղ եւ դժուար կացութիւններէն, տակաւին եթէ նոյն ձեռնարկը երեք անգամ, երեք տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ բեմական լուրջ փորձերէ անցնելէ ետք, կամքէ անկախ պատճառներով կը յետաձգուի… որքա՜ն ջիղ ու համբերութիւն կը թելադրէ վերսկսելու համար։
Վստահաբար պահ մը խումբին, ղեկավարին եւ վարչական կազմին տրամադրութիւնները կ’իյնան։
Սակայն «Զուարթնոց»ը չազդուեցաւ երբեք: Սա հալէպահայուն, այսքան երկար եւ անվերջանալի զրկանքներով յագեցած օրեր անցընելէն ետք, տոկուն եւ կամքի տէր ըլլալը կը փաստէ։
«Զուարթնոց»ը բեմին վրայ իր համերգով կրկին մեզ կը յիշեցնէ, որ յոյսը մենք կը ստեղծենք եւ կը փոխանցենք մէկս միւսին, ու այսպիսով մեր կեանքին կիսատ մնացած երգը կ’ամբողջանայ։
Բարձր գնահատանք երգչախումբի բոլոր անդամներուն, որոնց նպատակը պարզապէս համերգային ծրագիր մը ներկայացնել չէր, այլ՝ հայ արուեստի ոգին Հալէպի մէջ բորբ պահել։ Անոնք ուղերձ մը յղեցին հանդիսատեսին՝ ըսելով, որ հայը ունի Կոմիտաս, մեծանուն երաժիշտներու եւ մշակութասէր մտաւորականներու հոյլեր, որոնցմէ ժառանգուած մեր մշակութային արժէքները կու գան պահպանելու մեր ինքնութիւնը։
Բի՜ւր յարգանք եւ ջերմագին շնորհակալութիւն «Զուարթնոց» երգչախումբի վաստակաշատ խմբավար տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին, որ 1992-էն ի վեր սերունդէ-սերունդ սերմանած է հայ ու դասական երաժշտութեան արժէքը, հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը վառ պահած է հազարաւոր հալէպահայերու սրտերուն մէջ։ Անոր տաղանդով եւ ձիրքերով կիսատ մնացած երգերու շարք մը ամբողջացաւ։
Բնականաբար տակաւին գոյութիւն ունին կիսատ մնացած երգեր, որոնք անկասկած կ’ամբողջանան յարմար առիթներով, լաւ մշակուած ու մարզուած սերունդներու ճիգերով։
Կարելի է օրերով գրել Հալէպի մէջ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին եւ անոր նման մշակութային բերդերու մասին։
Այսպիսով այս երգը կիսատ կը ձգենք, այն յոյսով, որ գալիք օրերուն կիսատ մնացած բաժինը իր լրումին հասնի մշակութասէր նուիրեալներու մասնակցութեամբ, ապահովելով մեր արժէքներուն սերունդէ-սերունդ փոխանցումը։
Յովիկ Օհանեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)