Սուրիոյ մէջ ծայր առած եւ տասը տարիներու վրայ երկարած պատերազմին հետեւանքով փակուած Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանին դռները վերաբացուեցան Ուրբաթ, 7 Մայիս 2021-ին, Համազգայինի նորակառոյց «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնէն ներս։
Ուսումնարանը հիւրընկալեց արուեստասէր պատանիները եւ սկսաւ դասաւանդութիւնը։
Կերպարուեստի Յանձնախումբը ակադեմիայի գործունէութեան ճիւղերը աստիճանաբար պիտի ընդլայնէ՝ ներառելով քանդակագործութեան, ձեռային աշխատանքներու եւ նկարչութեան տարբեր տեսակներու առնչուող դասընթացքներ։
Կերպարուեստի Յանձնախումբը ակադեմիայի գործունէութեան ճիւղերը աստիճանաբար պիտի ընդլայնէ՝ ներառելով քանդակագործութեան, ձեռային աշխատանքներու եւ նկարչութեան տարբեր տեսակներու առնչուող դասընթացքներ։


