Համազգայինը, իբր պատնէշի վրայ պայքարող հայ մշակոյթի պաշտպան, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, հակառակ տեղական ու միջազգային տագնապներուն, հաւատալով, որ մշակոյթը միակ միջոցն է ապահովելու ապագայ սերունդներու հոգեմտաւոր կայունութիւնն ու հայկական դիմագիծի պահպանումը։ Նախորդ ամսուան ընթացքին, պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման շրջագիծէն ներս, կարգ մը արգելքներու վերացումով միութիւնը վերագտաւ իր աշխուժութիւնը եւ կեանքի կոչեց պսակաձեւ ժահրին պատճառով կիսատ մնացած ծրագիրները։
Շրջանային Վարչութիւն
Հակառակ տիրող կացութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը չդադրեցուց իր աշխատանքները եւ պսակաձեւ ժահրէն կանխարգիլման շրջանին հետամուտ եղաւ բոլոր վարչութիւններու գործունէութեան շարունակութեան, նոր պայմաններուն համակերպելով։
Ուրբաթ, 29 Մայիսին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 102-ամեակի տօնախմբութիւն, որուն յայտագիրը իրականացաւ զուտ համազգայնական ուժերով, Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ։
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
«Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղ, Հալէպ
Մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբը նախորդին սկսած էր աշուղական երեկոյի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք այս ամսուան ընթացքին վերաշխուժացան եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ելոյթը բեմ պիտի բարձրանայ։ Տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ չիրի եւ հայկական քաղցրաւենիքներու դասընթացք։
«Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղ, Լաթաքիա
Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է գծագրութեան դասընթացք, արուեստագէտ Մարիամ Ազարի ղեկավարութեամբ, 29 Յունիսէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ մանուկներու ընթերցանութեան նախաձեռնութիւն։ Մանուկներուն բաժնուած էին պատմութեան գրիքեր, իսկ անոնք իրենց ընթերցանութեան տեսերիզը զետեղեցին դիմատետրի վրայ։ Մասնաճիւղի վարչութիւնը նաեւ ունեցաւ հարցազրոյց մը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանին հետ։ Հարցազրոյցին տեսերիզը զետեղուած է մասնաճիւղի դիմատետրի էջին վրայ։
«Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղ, Քեսապ
Մասնաճիւղի վարչութիւնը 24 Յունիսին մասնակցութիւն բերաւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին կազմակերպած «Միասին Խաղանք» ձեռնարկին, մանուկներուն ծանօթացնելով հայ մշակոյթը ու միութեանս դերակատարութիւնը անոր պահպանման ու զարգացման մէջ։
«Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղ, Դամասկոս
Մասնաճիւղը անցնող ամսուան ընթացքին կեանքի կոչեց մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար, վաստակաւոր երաժիշտ Լեւոն Ապաճեանի։ Վարչութիւնը նաեւ նախապատրաստական աշխատանք կը տանի զանազան ձեռնարկներու։
«Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղ, Գամիշլի
Մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնեց «Փարոս» ամառնային դպրոցի իրականացման, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տեղւոյն 7-14 տարեկան հայ փոքրիկները։ Վարչութիւնը նաեւ նախաձեռնած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու տեսերիզներու պատրաստութեան, դիմատետրի միջոցաւ զանոնք սփռելու։
ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ
Հայագիտական Հիմնարկ
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկը, դիմագրաւելով ամէն դժուարութիւն, 13 Յունիսին աւարտեց իր 24-րդ տարեշրջանը։ Այս առթիւ միաւորի վարչութիւնը կազմակերպեց ուսուցիչներու եւ ուսանողութեան ընդհանուր հաւաք, որուն անդրադարձաւ հայ մամուլը՝ մանրամասնօրէն։ Ամավերջի քննութիւնները ընթացքի մէջ են։
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոց
Ամսոյս ընթացքին երաժշտական դպրոցի վարչութիւնը նախաձեռնեց պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման շրջանին պատճառած բացթողումներու հատուցման դասապահերու։
Համազգայինի Սուրիոյ
Շրջ. Վարչութեան Քարոզչական Կեդր. Յանձնախումբ