Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրուան ժամը 3:00-ին, Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:

   Տօնական երգերով, խաղերով եւ հիւրասիրութեամբ երաժշտանոցի աշակերտները հաճելի ժամեր անցուցին միասին: Անոնց ուրախութիւնը ամբողջացաւ Կաղանդ Պապուկի ժամանումով:

   Վարչութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ աշակերտներուն տրամադրուեցաւ երաժշտանոցին նշանակը կրող թղթապանակներ, որոնց մէջ տեղադրուած էր երաժշտական գիտելիքներ պարունակող թերթիկներ:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ