Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այս տարեշրջանին հետամուտ եղաւ վերականգնելու այն բոլորը, որոնք Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով 2011-էն ի վեր կասեցուած էին, որոնց կարգին է նաեւ Էսդրատային նուագախումբը։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին Էսդրատային երեկոն տեղի ունեցաւ երեք օրերու վրայ 21, 22 եւ 23 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Կիրակի, 23 Մայիս 2021-ին հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կենդրոնական վարչութիւններու Սուրիոյ անդամները, մարզական, բարեսիրական, մշակութային, եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները եւ երաժշտասէր հանրութիւնը։
Երեկոն սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավար Ժէնի Նաճարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը։
Արաբերէն բացման խօսքով Ռաֆֆի Պալեան շեշտեց Սուրիոյ մէջ մշակութային կեանքի վերաշխուժացման կարելիութիւնը, դիտել տալով որ հայութիւնը դրական իր ներդրումով կը ծաղկեցնէ մշակութային խճանկարը:
Հայերէն բացման խօսքով Մեղրիկ Մուշոյեան շեշտեց հայ մշակութային եւ երաժշտական կեանքին շուրջ երիտասարդներու ներգրաւման կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ Էսդրատային խումբը 23 նուագողներէ բաղկացած բեմ բարձրացաւ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի:
Համերգին ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Կոստանդին Օրբէլեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Առնօ Պապաջանեանի եւ Գուսան Աշոտի ստեղծագործութիւնները, մասնակցութեամբ երիտասարդ տաղանդաւոր մեներգողներու, որոնք տարիներէ ի վեր ձայնամարզութեան կը հետեւին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ, մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի մօտ։
Յայտագիրին զոյգ բաժիններով մեներգեցին Լիւսի Յովհանէսեան-Այվազեան, Յակոբ Աշակերտեան, Դալար Պզտիկեան-Մաթոսեան, Մեղեդի Փամպուքեան, Ակաբէ Ֆրանքեան, մեթր Խաչիկ Աշճեան, Ժագ Պոզեագալեան, Կասիա Պաղտիկեան, բժիշկ Պերճ Գասապեան եւ Մարինէ Մարգարեան։
Աւարտին խումբի ղեկավար երաժիշտ բժ. Ռաֆֆի Ապէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի Վարչութեան եւ բոլոր երաժիշտներուն, որոնք իրենց ժամերը տրամադրեցին եւ մասնակցեցան համերգի յաջողութեան։
Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան իր սրտի խօսքով շեշտեց Համազգայինի կարեւոր դերը՝ սերունդներուն մշակութային մեր ժառանգութիւնը փոխանցելու եւ երիտասարդ տաղանդներու աշխատանքով մեր կեանքը հարստացնելու գծով։
Ժիրայր Կարապետեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)