Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի նորակազմ վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչին, այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, մասնաճիւղի վարչութիւնը ներկայացուց մէկ տարուան գործունէութեան ծրագիրը, խնդրելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու հոգատարութիւնը:
Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ մասնաճիւղի կառոյցին, տարուած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն եւ իր հայրական թելադրութիւններով խրախուսեց եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց վարչութեան կազմին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան աշխատելաոճը, յատկապէս երիտասարդները մշակութային բնագաւառէն ներս ներգրաւելու աշխատանքը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց թեւ ու թիկունք կանգնելու եւ քաջալեր հանդիսանալու մասնաճիւղի բոլոր գործունէութիւններուն:
