Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի 90 ամեակի նուիրուած ձեռնարկը, «Սահակեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի վարչութեան ատենադպրուհի՝ ընկհ. Էլօ Չէլէպեան։ Ձեռնարկը կ՚ընդգրկէր գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին
ընկհ. Լուսին Քիւրքճեան ներկայացուց «Հայորդիք» երգը։ Ապա հանդէս եկան Աստղիկ Դանիէլեան՝ ասմունքելով Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ Քեզ» բանաստեղծութիւնը, եւ
Ներսէս Քէշիշեան՝ ներկայացնելով «Զօրավարի Վերադարձին» երգը։
Օրուան բանախօսն էր՝ Պրն. Եսայի Հաւաթեան։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Զէրենցեանի սրտի խօսքով եւ Պահպանիչով։