2019֊2020 ուսումնական տարեշրջանի եզրափակիչ հաւաք, որ տեղի ունեցաւ 13 Յունիս 2020֊ին, երեկոյեան ժամը 6։00֊ին Լ. Շանթ սրահէն ներս։ Սոյն հաւաքին ներկայ էին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի ողջ ընտանիքը՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Համազգայինի Հայագիտականի Միաւորի Վարչութիւնը, դասախօսներ եւ ուսանողներ։
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հաւաքին արծարծուեցան հիմնարկին վերելքին նպաստող միտքեր եւ առաջարկներ։
