Skip to content
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129-րդ ամեակը փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին։
Մատուցուեցաւ նրբաճաշակ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Յայտագիրին մաս կը կազմէր նաեւ Համազգայինի 《Զուարթնոց》 երգչախումբը, Խմբավարութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, իսկ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Ռուզան Պարսումեանի։ Անոնք յաջորդաբար ներկայացուցին՝ 《Հպարտ անպարտ դաշնաակցութիւն》,《Խնուսից գալով》,《Մենք պէտք է կռուենք》《Սասնոյ ահեղ կռուի 》,《Քեզ դաշնակցութիւն》,《Հիմի էլ լռենք》,
《Ով որ քաջ է》եւ հայրենասիրական քանի մը երգեր։
Սոյն երգերով 《Զուարթնոց》երգչախումբը ներկաները տոգորեց դաշնակցական ոգիով։