Հիմա եկէ՛ք լուսարձակ բանանք «Գանձասար» շաբաթաթերթի վերջին թիւին «Խմբագրական»-ով մատնանշուած երեւոյթներուն վրայ։
Թերթը գրած էր, որ «գաղթի բերումով, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կտրուկ անկում արձանագրեց, անկում արձանագրեց նաեւ փորձառու կրթական մշակներուն, յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն թիւը։ Կարիքներուն համաձայն՝ նորեր ալ չպատրաստուեցան…։ Մենք մեր իւղով տապկուելու քաղաքականութիւն մը վարեցինք, որ ժամանակավրէպ սկսաւ դառնալ»։
Ճի՛շդ է, Հալէպէն գաղթի շատ մեծ ալիք մը՝ գաղութին ընդհանուր թուաքանակին երկու երրորդը նետեց-ցրուեց աջ ու ձախ, երկրէն հեռու։ Հայաբնակ կամ հայահոծ ինչ-ինչ թաղամասեր գրեթէ ամբողջովին դատարկուեցան։ Գաղութը նօսրացաւ՝ թիւով ու որակով։ Միաժամանակ, գաղթի ալիքը մեզմէ խլեց նաեւ մեր ամէնէն կարեւոր մարդկային ուժերը՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչները։ Երկրէն ընդմիշտ մեկնեցան պր. Յակոբ Չոլաքեան, Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան, Անի Ֆիշէնքճեան, Լենա Նազարեան-Քէյվանեան, Պր. Յակոբ Միքայէլեան, Զեփիւռ Ղպլիկեան-Թամէր, Մանուշակ Աբիկեան եւ ուրիշներ, բոլորն ալ՝ հայերէնաւանդ փորձառու ուսուցիչներ։ Մարդուժը, զոր ունէր Հալէպը, կարճ ժամանակի ընթացքին յօդս ցնդեցաւ, հրապարակը պահ մը ամայացաւ եւ ընդհանուր յուսալքութիւն տիրեց ամէնուրեք։
Այս ահաւոր բացը ինչպէ՞ս պիտի գոցուէր՝ եթէ չըլլար Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը։
Արդարեւ, մեր այս սիրելի հիմնարկը իր դռները բաց պահեց ու իր ամէնօրեայ դասաւանդութիւնները շարունակեց ԱՆԽԱՓԱՆ, պատերազմի ամբողջ տեւողութեան։ Հրթիռակոծումներու ամէնէն սաստիկ օրերուն իսկ՝ Հայագիտականը պատնէշի վրայ մնաց ու դադար չտուաւ իր ծառայութեան։ Նոյնիսկ՝ թոշակ չգանձեց իր ուսանողներէն։ Ասիկա զոհողութիւն մըն էր, որուն յա՛րգը պէտք է գիտնալ։ Տարբեր գաղութի մը մէջ, միեւնոյն պայմաններուն տակ, այսօրինակ հիմնարկ մը շատո՜նց փակած պիտի ըլլար իր դռները…։
Հետեւաբար, այնքան ալ ճշգրիտ բնորոշում մը չէ «Գանձասար»-ի այն նշումը՝ թէ «կարիքներուն համաձայն՝ նորեր ալ չպատրաստուեցան…»։ Պատրաստուեցան այնքա՛ն, որքան որ կարելի էր պատրաստել սարսափի այդ տարիներուն։ Որակի ու բացառիկ արժանիքներու մասին չենք խօսիր, որովհետեւ ատիկա ենթակայ է այլ ազդակներու, որոնց պիտի անդրադառնանք մեր յօդուածաշարքին յառաջիկայ գլուխներուն մէջ։ Անվիճելի իրողութիւն է սակայն, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու անակնկալ մեկնումով գոյացած բացը գէթ մասամբ գոցուեցաւ Հայագիտականի շրջանակէն դեռատի օրիորդներով, ոմանք տակաւին թերաւարտ եւ անշուշտ՝ անփորձ, որոնք գետնէն վերցուցին երէց ուսուցիչներուն թողած դրօշակը ու պաշտօնի կոչուեցան առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ։

(Նիւթը լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

Լուսանկարը.- Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը՝ պատերազմի տարիներուն (դասախօսներ, ուսանողներ եւ վարչականներ)։