Ուրբաթ 21/2/2020 –ին, երեկոյեան ժամը 7:00 –ին « Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի կազմակերպած Վարդանանցի տօնակատարութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանի: Սրբ. Հօր կ’ընկերակցէր ազգ. Վարչութեան քաղաքական ժողովի ատենապետ տիար Յարութ Քիլիսեան: Տօնակատարութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ Արհի. Տէր Յովսէփ Եպս. Արնաութեան, Գերպ. Տէր Գէորգ վրդ. Պահէեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան, Պատկան մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Արմէն Ուրֆալեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դամասկահայերու հոծ բազմութիւն մը:
Վարչութեան անդամ ընկհ. Մարալ Գաթըգլեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց , ուր յիշեց «Վասն Հայրենեաց, վասն Հաւատոյ մղուած Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յատկանշական ազգային կրօնական տօներէն մէկն է, որ ամէն տարի մեծ տօնախմբութեամբ կը յիշատակէ համայն հայութիւնը: Վարդանանք նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, գոյատեւենք: Միայն տօնել եւ հպարտանալ բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու: Պէտք է դառնանք վարդանանց հերոսներուն արժանաւոր ժառանգորդները, գիտակցինք մեր ինքնութեան արժէքը, հաւատարիմ մնանք քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին, անաղարտ պահենք հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ փոխանցենք զանոնք սերունդէ սերունդ ,որպէս աւանդ եւ մասունք»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Տիկ. Մարի Յովսէփեան, որ «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ խոհրդաւոր պահ մը պարգեւեց ներկաներուն, ապա «Բարի Արագիլ» երգի երգեցողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Սերուժ Ղազարեան երգեց « Հայրենիքիս Հետ»-ը, որ հայրենասիրութեամբ ոգեշնչեց բոլորին: Ջութակի վրայ «Ազգ Փառապանծ» երգը նուագեց Արէն Սեդիկեան, իր գեղեցիկ կատարողութեամբ հրապուրեց ներկաները: Այնուհետեւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ հրամցուցին փունջ մը վարդանանցի երգեր եւ արտասանութիւններ արժանանալով բոլորին գնահատանքին:
Գերապայծար Հայրը իր սրտի խօսքը յայտնեց Վարդանանց տօնի առթիւ ըսելով «Վարդանանց ճակատամարտը համայն հայութեան հերոսամարտը եղաւ, ուր հայ ժողովուրդի կառկարուն դէմքերը ինչպէս՝ Վարդան Մամիկոնեանը, Ղեւոնդ Երէցը, Սահականոյշ եւ ուրիշներ մասնակցեցան պատերազմին, պահպանելու համար հայ ազգը, լեզուն եւ մշակոյթը»: Ան բարձր գնահատեց աշակերտներուն, որոնք իրենց երգերով եւ արտասանութիւններով վառ կը պահեն Վարդանի կտակը:
Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանը փոխանցեց Վարդանանց տօնի պատգամը: Ան Աւարայրի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին, որոնք կը պարտինք սուրիական բանակին եւ անոր իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին: Ան կարեւորութեամբ յայտնեց, որ երբ գոյութիւն կ’ունենայ կամքը, տեսիլքը, հաւատարմութիւնն ու հայրենիքին համար զոհուելու ատրաստակամութիւնը՝ այն ատեն է որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները: Սրբ. Հայրը յայտնեց, որ յաղթական այս օրերուն կրկնակի ուրախութիւն ապրեցանք, երբ լըեցինք Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որուն համար Հալէպէն ժամանելով ան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ղեկավար մարմիններուն: Ան անդրադառնալով Վարդանանց խորհուրդին եւ պատգամին, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղաւ ճակատագրական պահ մը, շնորհիւ մեր քաջարի հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկաւարներուն, որոնք զոհողութեամբ պահեցին մեր ազգային–կրօնական արժէքները: Սրբ. Հայրը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ.
« 451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնող բոլոր ձգտումները: 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով, ուր հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնքի ազատութիւնը եւ հայրենիքի անկախութիւնը: Թէեւ Յազկերտը յաջողեցաւ մարմինը սպանել, սակայն հայու հոգին մնաց կենդանի եւ կենդանացնող»:
Ան եզրափակելով իր խօսքը յայտնեց, թէ Վարդանանցը մեզ կը պատգամէ պահպանել մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ամուր պահել քրիստոնէական հաւատքը, որոնք կը շարունակեն մնալ հայ ժողովուրդի կեանքին առանցքը:
Վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբ. Հօր, որ իր ներկայութեամբ եւ պատգամով ոգեչնշեց մեզ հայրենասիրութեամբ:
Աւարտին Սրբ. Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ ժողովուրդին: «Պահպանիչ»֊ով վերջ գտաւ ձեռնարկը: