Որեւէ աշխատանքի շարունակականութիւնը պահելը շատ կարեւոր քայլ է ոչ միայն մշակութային կեանքին մէջ, այլեւ կեանքի ասպարէզներուն մէջ:
Ճիշդ եւ առողջ սերնդափոխութիւնը էական է: Նորեկը շփում ունենալու է մեծերուն հետ եւ փորձառութիւն շահելու:
Հալէպահայ գաղութը հարուստ է ձիրքերով եւ ունակութիւններով օժտուած երիտասարդներով, որոնք կարիք ունին ցուցմունքի: Թատերական մեր կեանքին մէջ այս մէկը մասնագիտականօրէն իրականացաւ՝ յանձին պարոն Էլիա Քաճմինիի: Հանրածանօթ անուն մը ոչ միայն սուրիական թատրոնին մէջ, այլեւ՝ ողջ արաբական աշխարհին: Թատրոնի երիտասարդ անդամները երեք ամիս հետեւեցան դասընթացքի եւ ստացան ճիշդ ու մասնագիտական ցուցմունքներ դերասանական կեանք իրենց մուտքին առիթով: Կը հետեւէի իրենց դասապահերուն, ուշադրութիւնս կը գրաւէր պատանիներուն կեդրոնացումը իրենց արտասանած իւրաքանչիւր բառին եւ իւրաքանչիւր շարժուձեւին պարագային:
Այս պատանիները եւ իրենց պէս շատեր կրնան ծաղկիլ եթէ երկար ժամանակի վրայ բաւարար ցուցմունք ստանան: Անոնք կը դառնան թատերական կեանքի մեր նորափթիթ ծաղիկները, որոնք կը զարդարեն մեր մշակութային եւ մանաւանդ թատերական կեանքը:
«Չորս Նմանակ Եղբայրները» եղաւ իրենց աւարտական թէզը: Հոն՝ բեմահարթակին վրայ, անոնք ցոյց տուին տարբերութիւնը մարզուած դերակատարին եւ սիրողականին:
Թատերական կեանքի պատանի սերունդի պատրաստութեան մէջ կարեւոր է նաեւ նիւթերու ճշգրիտ ընտրութիւնը: Օրինակ թատերգութիւնը, այս պարագային, նախընտրելի է որ ունենայ ուրախ կամ բարոյախօսական պատգամ մը փոխանցող աւարտ, ինչ որ կարեւոր է պատանիին հոգեկան աշխարհին համար:
«Չորս Նմանակ Եղբայրները» թատրոնին մէջ մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս նոյն մօրմէն ու հօրմէն ծնած նմանակները ինչքան իրարմէ կը տարբերէին, թէեւ տեսքով նման էին, սակայն չորս տարբեր նկարագիրներ կ’արտացոլէին: Հիմնական պատգամը աշխատասիրութեամբ եւ ճակտի քրտինքով վաստակ շահելու կարեւորութիւնն էր՝ հեռու դրամապաշտութենէ եւ շռայլութենէ:
Անկեղծութեան եւ պարկեշտութեան օրինակը տուաւ Խարտեաշիկը, ան հաւատարիմ մնաց իր սիրոյն եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, սպասեց տարիներ եւ կրցաւ իր նպատակին հասնիլ ու միանալ անոր:
Պոնքան ալ կարեւոր դասեր սորվեցաւ՝ աշխատիլ, սիրել, համբերատար ըլլալ եւ փորձառու մարդոց խրատները չանտեսել: Խորիմաստ այս թատրոնը աղուոր եւ դիւրըմբռնելի ոճով մէկէ աւելի պատգամներ ուղղեց թատերասէր հասարակութեան, յատկապէս երիտասարդներուն:
Անգամ մը եւս թատրոնը հրամցուեցաւ համազգայնականներու ուժերով, այս անգամ Համազգայինի մատղաշ սերունդին տքնաջան աշխատանքով: Այս սերունդը երկար պիտի ծառայէ հայ թատրոնին, հայ մշակոյթին եւ Համազգայինին: Սա ողջունելի երեւոյթ է:
Արցախի պատերազմը ցոյց տուաւ, որ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները պահպանելու համար գործել, պայքարիլ ու յառաջդիմել է պէտք ամէն մարզերու մէջ: Ունակ եւ մասնագիտացած երիտասարդութիւն է պէտք թէ՛ զէնք վերցնելով հայրենիք պաշտպանելու, թէ՛ գիտութեան, ճարտարարուեստի եւ մշակոյթի մէջ յառաջանալու, եւ թէ ազգային մեր ինքնութիւնն ու գոյերթը յամառօրէն պահպանելու:
Մեր նախահայրերուն թողած ժառանգութիւնը հողին կողքին մշակոյթն է, մեր հարուստ պատմութիւնն ու ազգային արժէքները:
Ուստի փոքր քայլերով յառաջ ուղղուինք, ու բոլոր մարզերուն մէջ պատրաստուած սերունդ հասցնենք, որպէսզի զօրանանք ու գործենք աշխուժօրէն, այդ միջոցաւ իսկ մեր ներկայութիւնը պարտադրելով:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին այս թատրոնին յաջողութեան համար: Յատուկ շնորհակալութիւն մեր սիրելի ծնողներուն, որոնք վստահեցան իրենց թանկագին զաւակները Համազգայինին եւ իրենց համբերութեան շնորհիւ մեր երկարատեւ փորձերը արդիւնաւէտ դարձան:
Կ’ուզեմ յիշել այս ծրագիրին նախագիծը դնող, մեզի մեծ յոյս ու հաւատք ներշնչող մեր հանգուցեալ ընկերուհին՝ Յուշիկ Ղազարեանը: Յուշիկը առաջին օրէն քաջալերեց երիտասարդ սերունդ մարզելու միտքը եւ յատակագիծը դրաւ այս ծրագիրին: Այսօր արդէն ունինք հմտացած երիտասարդ դերասաններ ու թատերական կեանքը քայլ մը առաջ անցած է արդէն:
Մոմ ու խունկ շիրիմիդ, սիրելի՛ ընկերուհի, մեր յիշողութեան մէջ պիտի ապրիս յաւէտ:
Սիրելի՛ պատանիներ,
Այս թատրոնը եղաւ մեր առաջին մեծ քայլը, եղէ՛ք խոնարհ, եղէ՛ք աշխատասէր եւ մնացէք հաւատարիմ Համազգայինին ու հայ թատրոնին:
Սագօ Խալոյեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)