Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան տեղի ունեցաւ Քեսապի «Տոհմիկ Երեկոյ», Սարդարապատ սրահէն ներս, Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին:
Երեկոն անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ. հնչեցին Քեսապի բարբառը, խաղիկներն ու երգը: Ներկաները սրահը թնդացուցին Քեսապի ազգագրական պարերով: