Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի վերջին իրադարձութիւններուն մասին դասախօսական երեկոյ «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։

   Ձերնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան»կեդրոնի վարչութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայ հոծ բազմութիւն մը։
   Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Արցախի ազատութեան ճանապարհին վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց, որմէ ետք Հայաստանի քայլերգով ընթացք առաւ ձեռնարկը։

Բեմի յարդարումը կենդանի վկան էր հայոց բանակին սխրագործութիւններուն ու նահատակութեան՝ ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան։

   Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան տիկ. Մարի Յովսէփեան՝ երկու երգով, ասմունքով՝ Միրելլա Խալիլ, իսկ նուագով՝ Դափնի Երէցեան։
   Դասախօս դոկտ. Սարգիս Պրունսուզեան համապարփակ գիծերու մէջ նախ անդրադարձաւ Արցախի պատմականին, մանրամասնօրէն ներկայացնելով հայ ժողովուրդին իր հայրենի հողին՝ Արցախի մէջ ստեղծած քաղաքակրթութեան, ապա յաջորդական աշխարհաքաղաքական փուլերուն անդրադառնալով մերօրեայ ռազմական իրադարձութիւնները մեկնաբանեց։ Ներկաները անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ վճռակամօրէն յաղթելու թշնամիին։

   Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Արցախի քայլերգով։

Սոնա Անտրեան

(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)