Գամիշլիի Աւետիս Ահարոնեան Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպած բժշկական դասախօսական շարքը կը շարունակուի, երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին փոխանորդարանի դահլիճէն ներս, ընկերուհին վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շեշտեց թէ՝ «Առողջութիւնը առաջնայինն է հետևաբար նպատակը այս նախաձեռնութեան լսել և օգտուիլ բժիշկներու թելադրանքներէն և գիտելիքներէն պաշտպանուելու համար հիւանդութիւններէ և համաճարակէ», ապա գեղձերու մասնագէտ բժշկուհի Սարապ Մահմուտ ընդլայնուած ձեւով բացատրութիւն տուաւ վահանաձեւ գեղձի մասին, ներկաները իրենց կարգին հարցումներ ուղեցին և լուսաբանուեցան, որմէ ետք Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութիւնը, Միջինքի առիթով հիւրասիրութիւն կատարեց մտերմիկ և ջերմ մթնոլորտ ստեղծելով։