Հայոց մշակոյթը հնագոյն ժամանակներէն մեզ ավանդուած է, սակայն չէ սահմանափակուած միմիայն արուեստով, ան բազմաշերտ է, մինչեւ իսկ իր մէջ կը պարափակէ գիտական եւ բժշկական մշակոյթը։ Առ այդ Չորեքշաբթի 25 Փետրուար 2021-ին, Գամիշլիի Աւետիս Ահարոնեան մասնաճիւղի կողմէ նախաձեռնած բժշկական դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս եւ ունեցաւ իր հաջող ներկայացումը։ Որուն ընթացքին վարչութեան անդամ ընկհ. Ռուզան Պետրոսեան հակիրճ օրէն ներկայացուց Համազգայինի առաքելութիւնը եւ անոր հրամայականը, ի մասնավորի պարման պարմանուհին լաւագոյն մշակութային դաստիարակութիւն փոխանցելով, ապա հրավիրեց օրուան դասախոս Բժշկհ. Սիրվարդ Սարգիսեան-Շիրիքճեանը ։ Բժշկուհին շատ հոյժ եւ արդիական գիտելիքներով ամբարեց ներկաներուն, հարստացնելով հայ մայրերու ու գոյրերու բժշկական գիտելիքներու մշակոյթը։ Ներկաները ուղեցին իրենց լուսաբանական հարցումները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, վարչութիւնս նկատելով եւ շոշափելով ներկաներուն ցանկութիւնը, խոստացաւ որ եկող շաբաթ, կրկին անգամ այլ թեմայի շուրջ տեղի ունենայ բժշկական դասախօութիւնը մը։