Շարունակելով երաժշտական համերգները, Երեքշաբթի 2 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպած երկրորդ համերգը, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտներուն։
   Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Մարինէ Մարգարեան։ Ան անդրադարձաւ երաժշտանոցին տարած առաքելութեան, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ նեցուկ կը կանգնի երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար։
   Օրուան հանդիսավարն էր Մարինա Պօղիկեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան երկրորդ դասարանի ութ աշակերտներ, իւրաքաչիւրը երկու երգով, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Հանդէս եկան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Ռուզան Պարսումեանի աշակերտը, քանոնի ուսուցչուհի օրդ. Նարինէ Տոլմօղլեանի աշակերտը, դաշնամուրի ուսուցչուհի Սիրվարդ Գիւբէլեանի երեք աշակերտները եւ դաշնամուրի ուսուցիչ Ռաֆֆի Պալեանի երեք աշակերտները։
   Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
   Յիշենք, որ վաղը՝ Չորեքշաբթի 3 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ երաժշտական Գ. համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։