Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական վեցերորդ համերգը, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու խումբ մը աշակերտներուն։
   Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Քրիստ Փայասեան, որ անդրադարձաւ երաժշտական դպրոցին տարած մշակութային առաքելութեան։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երաժշտանոցի ժրաջան անձնակազմին՝ տնօրէնուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեանին, տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ողջ ուսուցչական կազմին՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար։
   Օրուան հանդիսավարն էր Մարինա Պօղիկեան։ Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան չորրորդ եւ հինգերորդ կարգերու աշակերտները, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի տիկ. Ալին Ամպարճեանի, ջութակի ուսուցչուհի օրդ. Ռուլա Համուիի, կիթառի ուսուցիչներ Կարպիս Չաքալեանի եւ Ճրճի Սայեղի, դաշնամուրի ուսուցչուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեանի եւ ջութակի ուսուցչուհի օրդ. Անժելլա Տաղլեանի աշակերտները։ Ջութակի կատարումներուն դաշնամուրի ընկերակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին օրդ. Ռուզան Պարսումեան եւ տիար Ռաֆֆի Պալեան։
   Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
Ելոյթ ունեցող աշակերտները երաժշտական գնահատելի կատարողութեամբ արժանացան հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն։
pg