Բուն անունով՝ Լեւոն Սեղբոսեան (Նահաշպետեան), ծնած է Պոլիս 1869-ին: Կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, իսկ համալսարանական ուսումը՝ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Երկար տարիներ վարած է ուսուցչական պաշտօն, ունեցած է հանրային եւ քաղաքական գործունէութիւն Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ: Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ նախագահ, հիմնադիրներէն մէկը Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ գլխաւոր հիմնադիրը Համազգայինի Ճեմարանին, Պէյրութի մէջ, որու տեսչութիւնը վարեց ամբողջ քսան տարիներ, միեւնոյն ժամանակ դասաւանդելով մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն: Լեւոն Շանթ Հայ Ճեմարանի մէջ ստեղծեց մանկավարժական այն մթնոլորտը, որ իր անձէն եւ բազմակողմանի կարողութենէն կը բխէր: Ան եղաւ ամբողջական մանկավարժը Ճեմարանի տնօրէնութեան ամբողջ շրջանին եւ կրցաւ նորահաս սերունդին ներշնչել կրթութեան եւ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ:

Լեւոն Շանթ Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ լծուեցաւ դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքին եւ իրարու ետեւէ, տարուէ տարի, լոյս ընծայեց նախակրթարանի յատուկ դասագիրքերու շարք մը (Գրաւոր ԴասերԼուսաբերներ.Մանկական Աշխարհներ, Այբբենարան եւ հայերէն լեզուի Քերականութեան շարքը): Ճեմարանի միջին դասարաններուն համար պատրաստեցՀայրենի Աշխարհի Ա. Բ. Գ. եւ Դ. հատորները:

Որպէս կենսական գործ թէեւ ան կլանուած էր դպրոցավարութեան եւ մանկավարժութեան աշխատանքներով, սակայն գրագէտը անգործ չէր մնար: Լեւոն Շանթ ժամանակ կը գտնէր գրական ստեղծագործութիւններուն ալ պահեր յատկացնելու եւ զարկ տալու թատերական շարժումին: Ճեմարանի տնօրէնութեան շրջանին կրցաւ լրացնել Օշին Պայլը թատերական երկը, գրեց նոր վէպ մը՝Հոգիները Ծարաւի, ինչպէս նաեւ Հայ Բանահիւսութեան Պատմութիւնը, որ գրական պատմութեան ընդհանուր տեսութիւն մըն է, ստուար հատորի մը մէջ ամփոփուած:

Լ. Շանթ կը մահանայ 29 Նոյեմբեր 1951-ին: