pg
   Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 3 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական երրորդ համերգը, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու խումբ մը աշակերտներուն։
   Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան, մատնանշելով ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն երաժշտական դպրոցին տարած մշակութային առաքելութիւնը։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երաժշտանոցի ժրաջան անձնակազմին՝ տնօրէնուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեանին, տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ողջ ուսուցչական կազմին՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար։
   Օրուան հանդիսավարն էր Մարինէ Մարգարեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան երկրորդ դասարանի եօթ աշակերտներ, իւրաքաչիւրը երկու երգով, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Հանդէս եկան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Ռուզան Պարսումեանի աշակերտը, երգեհոնի ուսուցիչ տիար Տիգրան Այնթէպլեանի աշակերտը, ջութակի ուսուցչուհի օրդ. Ռոզի Շուշանեանի երկու աշակերտները, երգեհոնի ուսուցիչ տիար Ճրճոս Պատրուքի չորս աշակերտները եւ կիթառի ուսուցիչ տիար Կարպիս Չաքալեանի աշակերտը։
   Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
   Ելոյթ ունեցող աշակերտները երաժշտական գնահատելի կատարողութեամբ հմայեցին հանդիսատեսները եւ արժանացան անոնց ջերմ ծափողջոյններուն։
   Յիշենք, որ վաղը՝ Հինգշաբթի 4 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ երաժշտական Դ. համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։
pg