shu

   Երեք յաջորդական ելոյթներով, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թէրզեանի, պարարուեստի հաճելի պահեր պարգեւեց հալէպահայ հանդիսատեսին։ Աւելի քան 60 պատանի եւ երիտասարդ պարողներ հալէպահայ մշակութային բեմը զարդարեցին հայկական, արաբական եւ արեւմտեան պարերով։ Անոնք իրենց գոյնզգոյն տարազներով, աշխոյժ եւ հեզաճկուն շարժումներով 1,5 ժամ շարունակ գրաւեցին հանդիսատեսին ուշադրութիւնը, երկրէ-երկիր փոխադրեցին ներկաները, ծանօթացնելով զանոնք տարբեր մշակոյթներու պարարուեստին։
   Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները հնչեցին եւ յայտարարուեցաւ ձեռնարկին բացումը:
   Արաբերէն բացման խօսքով Մարալ Ղազարեան ըսաւ, որ պարը արտայայտութեան անկաշկանդ ձեւ մըն է: Երբ կը պարես, կրնաս արտայայտել ամէնէն թաքուն զգացումներդ: Ուրեմն, որքան ցամաք է մեր առօրեան, եթէ պարը մերթ ընդ մերթ անոր մաս չկազմէ: Ան բեմը նմանցուց գարնան, ըսաւ որ այստեղ պիտի տեսնէք կոկոններ, թիթեռնիկներ ու գոյնզգոյն ծաղիկներ:
   Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Սարին Պօղոսեան: Սարինը ըսաւ, որ պարը այն արուեստն է, որուն միջոցով կարելի է տեսնել զայն ներկայացնող ազգին բնորոշող գիծերը, հոգեկան աշխարհը, քաղաքակրթութեան աստիճանը, բնութեան եւ կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը: Իսկ հայկական պարի պատմութեան անդրադառնալով մեզ տեղեկացուց, որ հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնն ու իշխանութիւնը կորսնցուցած օրերուն, հայ արուեստին, մանաւանդ պարարուեստին շնորհիւ պահպանած է իր դիմագիծը:
   Երբ բեմին վարագոյրը բացուեցաւ «Շուշի» պարախումբը խորհըրդանշող տպաւորիչ յարդարումը բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւեց:
   Հանդիսավար Մարիա Աղպապեան հայկական պարարուեստին արժէքն ու իւրայատկութիւնը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց պարողները:
   «Շուշի»ին մաս կը կազմէին երեք խումբեր՝ Ա. խումբ (սկսնակներ) , Բ. խումբ (կըրտսերներ) եւ Գ. Խումբ (պատանիներ): «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը պար սորվելու դպրոց մըն է, որ ունի կարգեր: Այդ դպրոցը աւարտողը ապագային մաս կրնայ կազմել Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբին:
   Յայտագիրին առաջին բաժինով ներկայացուեցան հետեւեալ պարերը.- «Արարատ», «Արտաշատ», «Հերոս Տղերք», «Hip Hop», «Յաղթանակդ, Հալէ՛պ», «Մոկաց Հարսներ», «Twist Again»: Ամէն մէկ պար ունէր պատմութիւն մը, որ կը ներկայացուէր հանդիսավարին մէջբերումներով: Ներկայ ըլլալով այս ելոյթին ոչ միայն հաճելի պահեր վայելեցինք, այլեւ մեր գիտելիքները զարգացուցինք:
   Հանդիսութեան երկրորդ բաժինով փոքրիկ արուեստագէտները հանդէս եկան «Հորովել», «Հնդկական Պար», «Տալունէ», «Մանկապարտէզ, Մնաս Բարով», «Արցախ» պարերով: Ետքը անոնք ներկայացան ազգագրական պարերու շարանով ու պարեցին «Մշոյ Կորանի, Նինօ, Շէկլիկ Մազեր» պարերը: Աւարտը հետաքրքրական էր, պարախումբի անդամները խումբ մը կազմեցին ու միասնաբար պարեցին «Հաւաքական Պար»ը: Գոյնզգոյն տարազներ, սիրուն դէմքեր, հաճելի երաժշտութիւն ու նազանի պարողներ բեմը վերածեցին իսկական գարունի:
   Աւարտին, վարչութեան անունով խօսք առաւ Գէորգ Աղպապեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, ապա պարուսոյցին, պարա- րուեստի յանձնախումբին, պարողներուն եւ անոնց ծնողներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան:
   Աղպապեան ըսաւ, որ «Շուշի» մանկապատանեկան պարարուեստի դպրոցին նպատակը միայն ձեռնարկներ կազմակերպել չէ եղած, այլ մեր մատղաշ սերունդին մօտ ընդհանրապէս պարարուեստի եւ յատկապէս հայկականի հանդէպ սէր արթնցնելը, ձիրքեր քաջալերելը եւ հետեւողական փորձերով կատարելագործելը եղած է:
   Ապա վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խորհըրդանշական յուշանուէրով մը գնահատեց պարուսոյց Վրէժ Թէրզեանը:
   Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:
   Սրբազան հայրը ըսաւ. «Եթէ այս փոքրիկները չըլլան մեր կեանքին մէջ, արեւը, յոյսը, հաւատքը եւ տեսիլքը պիտի բացակային մեր կեանքէն: Բեմը կեանք է, իսկ մեր կեանքը ամայութիւն է, եթէ չզարդարուի մատղաշ սերունդով: Բեմը կը ծաղկի մեր մշակութային ձեռնարկներով, շնորհիւ մեր ազգային, մշակութային կազմակերպութիւններուն եւ այս պարագային՝ Համազգայինի մեծ ընտանիքին: Վերցնենք այս բոլորը մեր կեանքէն, անապատ է մեր կեանքը, անիմաստ է մեր կեանքը: Փառք Աստուծոյ, հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն, համաճարակին, ահաւասիկ հալէպահայութիւնը կու գայ անգամ մը եւս ողջ հայութեան վերազարթօնքի պատգամ ուղղելու, շեշտելու որ կա՛նք, պիտի մնանք եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մեր երթը պիտի շարունակենք»:
   Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, պարուսոյցին, պարախումբի յանձնախումբին, ծնողներուն, որոնք հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն, թէ՛ իրենց զաւակները վստահեցան Համազգայինին, եւ թէ նիւթապէս զօրակցեցան անոր իրենց նուիրատուութիւններով:

Անի Պօղիկեան

(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)