Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 4 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական չորրորդ համերգը, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու խումբ մը աշակերտներուն։
   Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Քրիստ Փայասեան, լուսարձակի տակ առնելով երաժշտական դպրոցին հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը վառ պահելու մշակութային առաքելութիւնը։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երաժշտանոցի ժրաջան անձնակազմին՝ տնօրէնուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեանին, տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ողջ ուսուցչական կազմին՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար։
Օրուան հանդիսավարն էր Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան երրորդ դասարանի վեց աշակերտներ, իւրաքաչիւրը երկու երգով, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Ռուզան Պարսումեանի աշակերտը, ջութակի ուսուցչուհի օրդ. Լուսիա Պանտաքի աշակերտները, կիթառի ուսուցչուհի օրդ. Զարմիկ Չալօղլեանի աշակերտները եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի օրդ. Սէրլի Ապաճեանի աշակերտները։
   Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
   Ելոյթ ունեցող աշակերտները երաժշտական գնահատելի կատարողութեամբ արժանացան հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն։
   Յիշենք, որ յաջորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 9 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Հրաւիրուած էք բոլորդ։