Շաբաթ 13 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորի վարչութեան պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տիար Շանթ Ուրիշիկեանի։
Թատերական միաւորի Վարչութեան ատենապետ տիար Սարգիս Խալոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը խնդրեց եւ հրաւիրեց զինք 7 եւ 14 Մարտ 2021-ին «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունենալիք մանկապատանեկան թատրոնի «Չորս Նմանակ Եղբայրներ» ներկայացումին, որուն հեղինակն է Փանչօ Փանչեւ, իսկ բեմականացնողը՝ տիար Շանթ Ուրիշիկեան։
Հանդիպումին արծարծուեցաւ թատերական միաւորին դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ներկայիս տիրող տնտեսական ծանր իրավիճակը եւ կեդրոնի նորոգութեան աշխատանքները ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միաւորին յառաջիկայ աշխատանքները։
Սրբազան Հայրը քաջալերեց եւ մեծապէս գնահատեց Թատերական միաւորին տարած գործունէութիւնը մշակութային ոլորտէն ներս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։
Մասիս եպիսկոպոս իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մաղթեց, որ սերտուած ծրագիրներով շարունակեն սատար հանդիսանալ սուրիահայութեան մշակութային կեանքի վերելքին։