Կիրակի, 14 Յունիս 2020-ի երեկոյեան, Համազգային Աւետիս Ահարոնեան Մասնաճիւղի Վարջութիւնը այցելեց Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին։ Բարի մաղթանքէն ետք, Մասնաճիւղիս Ատենապետ՝ Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեանը, հակիրճ զեկոյց ներկայացուց Առաջնորդական փոխանորդ հայր սուրբին մասնաճիղին գործունէութեան եւ յառաջիկայի ծրագիրներու մասին։
Որմէ ետք, Հոգեշնորհ հայր սուրբը տուաւ իր ցուցմունքները յատկապէս այս նոր ժամանակաշրջանին, որուն մէջ կը գտնուի Գամիշլիի գաղութը։ Ի մասնաւորի խօսքի առանցքը դարձուց որ քսանմեկերրորդ դարու մէջ ըլլալով, հարկաւոր է ժամանակի հետ քայլ պահել եւ որոնել այնպիսի միջոցներ ներգրաուելու մեր պարման-պարմանուհիները, զանոնք լաւապէս դաստիարակելու, մշակութային, հայագիտական եւ ընդհանրապէս մշակութային ասպարեզէն ներս։