Երգն ու երաժշտութիւնը եղած են հայ ժողովուրդին մշակոյթը ծաղկեցնող օղակներ, ինչպէս նաեւ սրտերը երջանկացնող եւ հոգիները ազնուացնող ազդակներ։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչախմբային Միաւորի Վարչութեան, Ուրբաթ, 16 եւ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս հանդէս եկաւ իր յիսնամեակը թեւակոխած եւ ամբողջ կէս դար իր հանդիսատեսին երգերու գունեղ փունջեր հրամցուցած «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Աւելցնենք, որ այս համերգը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով քանիցս յետաձգուած էր։
Յատկանշական էր երգացանկի բարդագոյն երգի՝ Քառլ Օրֆի «Օ Ֆորթունա»ի կատարումը երկու դաշնակահարներու ընկերակցութեամբ։ Երկրորդ դաշնակահարը «Զուարթնոց»ի տարիներու վաստակաւոր ընկերակից Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանն էր, որ քանի մը երգերու կատսրողութեան ընթացքին ընկերակցեցաւ երգչախումբին, առաջին դաշնակահարին կողքին. ու երգերը աւելի հարուստ հնչեղութիւն ունեցան։
Առաջին Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչները, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, հայրենակցական, մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներն ու երաժշտասէր հանրութիւնը։
Համերգը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով։ Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան: Ան ըսաւ. «Պատմութեան դժուարին օրերուն, հայ ժողովուրդի հարազատ ուղեկիցները եղած են երգն ու երաժշտութիւնը, որոնք արտայայտած են անոր հրատոչոր հոգիին տառապանքը, հաւատքի, յոյզի եւ սիրոյ ապրումները։ Համազգայինը որպէս մշակոյթի կաճառ, քաջ գիտակցելով արուեստին, յատկապէս հայ երգին, պարին ու երաժշտութեան դաստիարակիչ դերին, տէր կանգնած է մեր ազգային վեհ արժէքներուն եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակով ծաղկեցուցած է հայ բեմերը։ Կէս դար շարունակ անխափան երթով «Զուարթնոց» երգչախումբը իւրայատուկ տեղ գրաւած է հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ, ուր իրարայաջորդ սերունդներ ծանօթացած են ոչ միայն հայ, այլեւ օտար ժողովրդային ու դասական երգարուեստին»։
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ ըսաւ. «Արուեստը կեանքի լեզուն է, իսկ մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնարտայայտման ազդակներէն մէկն է։ Երաժշտութեան միջոցով կարելի է իւրաքանչիւրին ապրումները վերակենդանացնել եւ հոգին ազնուացնել»։
Այնուհետեւ հանդէս եկաւ երգչախումբը եւ առաջին բաժինով յաջորդաբար ներկայացուց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը Վ. Պէտէլեանի երաժշտական մշակումով, Կոմիտասի «Ալագեազ Աչերդ», «Եարիս Անուն Պալասան», «Աղջի Անունդ Շուշան» եւ «Շախկըր Շուխկըր» երգերու շարքը, Արմէն Մանտակունեանի «Երեւան-Երեւան»ը, Քառլ Օրֆի «Օ Ֆորթունա – Ֆորթունէ Փլանկօ Վուլներա – Էչէ Կրաթում»ը եւ Վիվալտիի «Կլորիա»ն։
Երկրորդ մասով երգչախումբը ներկայացուց Շառլ Ազնաւուրի «Նրանք Ընկան», Նարեկ Ստամպուլցեանի «Իմ Հայրենիք»ը, Մարտին Ահարոնեանի «Դարձիր Իմ Անի»ն, Լ. Գաթրճեանի «Մի՛ Մոռանայ Քո Ազգին»ն, «Պիսապահըլ Ալֆըլ Թէլէթ», «Աթլէք Նիրանաք» արաբերէն երգերը, «Եարխուշտա»ն, հայկական ժողովրդական երգերու շարք՝ «Մարգերի Օլորը», «Ամման-Ամման», «Ախ Մազերդ» եւ «Հոյ Նազան»։ Համերգի փակման երգն էր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած Շառլ Ազնաւուրի «Քեզ Համար Հայաստան»ը։
Հանդիսութեան ընթացքին բեմավարուհի Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան հայ եւ օտար երաժիշտներուն եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն մասին մերթ ընդ մերթ տեղեկութիւններ հրամցուց։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եզրափակիչ իր պատգամով ըսաւ, որ տարիներ շարունակ «Զուարթնոց»ը իր շուրջ համախմբելով հայ երիտասարդութիւնը սորվեցուց սիրել հայրենիքը, հայ մշակոյթը ու դարձաւ ոչ միայն երգարուեստի, այլ հայ ինքնութեան պահպանման միջոց։
«Հակառակ տիրող համաճարակի պայմաններուն, «Զուարթնոց»ը շնորհիւ իր աշխոյժ խմբավարին ու վարչութեան յաջողեցաւ այսպիսի բարձրորակ հսմերգ մը հրամցնել։ Վարձքը կատա՛ր խմբավարին, դաշնակահարներուն, երգողներուն եւ վարչութեան, որոնց միասնական ճիգերով «Զուարթնոց»ը կրկին ծաղկեցուց մեր մշակութային բեմը», ըսաւ Սրբազան հայրը։
Ցոլեր Ապաճեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)