Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան եւ Տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 03 Յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ Երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին եւ ձայնամարզութեան աշակերտներուն կաղանդի տօնախմբութիւնը, Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն:
Օրուան հանդիսավարն էր՝ ընկհ. Մարինա Պօղիկեան: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները մօտէն ծանօթացան իրարու, փունջ մը երգեր երգեցին եւ ամանորեան մաղթանքներ փոխանակեցին իրարու:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամները խօսք առնելով գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ յարատեւ վերելք մաղթեցին երաժշտանոցի անձնակազմին: Երաժշտանոցի Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արուս Շահինեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Շրջ. Վարչութեան, իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց ուսուցչական կազմին եւ ձայնամարզութեան աշակերտներուն: Երաժշտանոցի տնօրէնուհի՝ ընկհ. Ռուզան Պարսումեան իր ամանորեան մաղթանքներն ու գնահատանքը փոխանցեց ներկաներուն: Ապա, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին, մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Հաւաքոյթը ճոխացաւ Կաղանդ Պապուկի ժամանումով: Տօնական երգերով ներկաները ստացան երաժշտանոցի նշանակը կրող թղթապանակներ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ