Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի 9 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտական հինգերորդ համերգը, կատարողութեամբ՝ երաժշտանոցի ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու խումբ մը աշակերտներուն։
Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երաժշտական դպրոցին հայերէն երգն ու երաժշտութիւնը վառ պահելու մշակութային առաքելութիւնը։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի բոլոր գործունէութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան իրենց ցուցաբերած համագործակցութեան համար։ Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երաժշտանոցի ժրաջան անձնակազմին՝ տնօրէնուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեանին, տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ողջ ուսուցչական կազմին՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար։
Օրուան հանդիսավարն էր Մարինէ Մարգարեան։
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան չորրորդ դասարանի աշակերտները, իւրաքաչիւրը երկու երգով, ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնամուրի ուսուցչուհի տիկ. Ալին Ամպարճեանի, երգեհոնի ուսուցչուհի օրդ. Հելենա Տարագճեանի, կիթառի ուսուցչուհի օրդ. Զարմիկ Չալօղլեանի եւ քանոնի ուսուցչուհի տիկ. Անժէլ Շէօհմէլեանի աշակերտները։
Ներկաները վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը։
Ելոյթ ունեցող աշակերտները երաժշտական գնահատելի կատարողութեամբ արժանացան հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն։