Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, փառաշուք հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակը, Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս:
   Տօնակատարութեան ներկայ էին «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
   Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով՝ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ: Վարչութեան բացման խօսքը արտասանեց ընկհ.Մարալ Գաթըգլեան, որ ըսաւ. «Այսօր սոսկ տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ մեր ուխտը նորոգելու օր, շարունակելու երթը անկախութեան խորհուրդով, յանուն հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացման եւ բարգաւաճման»:
   Ալիսիա Կիրակոսեանի “Նամակ Առ Հայաստան”ը իւրայատուկ առոգանութեամբ ասմունքեց տիկ.Նորա Պալեան, իսկ Արէն Սեդիկեան ջութակով նուագեց “Սարդարապատ”-ը:
   Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց ընկհ. Սոնա Անտրեան-Քիւրտեան: Ան համապարփակ գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա.Անկախութեան կերտման նախորդող քաղաքական պայմանները ու պատմական իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ հայ ժողովուրդի զաւակներուն արեան գնով եւ զոհողութեամբ կերտուեցաւ Ա.Հանրապետութիւնը: Ան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի դերակատարութեան անկախութեան կերտման մէջ ու ըսաւ. «Երբ մթագնած էր հայրենի երկնակամարը եւ հայու բեկորները լքուած իրենց ճակատագրին, ահա’, հորիզոնին վրայ ցոլաց յոյսի եւ լոյսի նշոյլ մը՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը, ժողովուրդի երկունքէն ծնած կուսակցութիւնը իր ազգային ազատագրական գաղափարախօսութեամբ ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած էր հայ ժողովուրդի փրկութեան եւ բարօրութեան, նման ճգնաժամին էր, որ տէր կանգնեցաւ անտէր ու անհայրենիք ժողովուրդին» : Ապա շարունակեց ըսելով , որ
Հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքով, արեան գնով եւ միահամուռ պայքարով նուաճուած անկախութիւնը պէտք է պահպանել ամէն գնով եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեամբ շարունակել երթը յանուն մեր պահանջատիրութեան արդար դատի յաղթանակին միացեալ անկախ հայաստանի տեսլականով:Ընկերուհին խրախուսեց երիտասարդութիւնը համախմբուելու ազգային կառոյցներու շուրջ եւ տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն , այս է պատգամը անկախութեան գաղափարախօսութեան:
   Քրիստ Այնթապլեան ազգայնաշունչ ոգիով մեկնաբանեց ազգային երեք երգ։
   ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համանուագ կշռոյթով հնչեցուց փունջ մը ազգային երգեր՝ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով:
   Հանդիսութեան աւարտին վարչութիւնը գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ առցանց ուղիղ սփռումով միանալու Լիբանանի մէջ կատարուող տօնակատարութեան եւ ազգային յեղափոխական երգերու փառատօնին՝ խանդավառելով ներկաները, որոնք հայրենասիրութեան ոգիով տոգորուած ու վերանորոգ ուխտով վերադարձան իրենց բնակարանները: