Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թիւնը այս տա­րեշր­ջա­նին հե­տա­մուտ եղաւ վե­րա­կանգ­նե­լու այն բո­լո­րը, որոնք Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով 2011-էն ի վեր կա­սեց­ուած էին, որոնց կար­գին է նա­ե­ւ Էսդ­րա­տա­յին նուա­գա­խում­բը։
   Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն. Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի Երաժշ­տա­կան Յանձ­նա­խում­բին Էսդ­րա­տա­յին երե­կոն տե­ղի ու­նե­ցաւ երեք օրերու վրայ 21, 22 եւ 23 Մա­յիս 2021-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին, «Գ. Եսայ­եան» սրա­հէն ներս։
   Կի­րա­կի, 23 Մա­յիս 2021-ին հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան, Ազգ. Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հա­մազ­գա­յի­նի եւ ՀՄԸՄ-ի Կենդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու Սուր­իոյ ան­դամ­նե­րը, մար­զա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, եկե­ղե­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ երաժշ­տա­սէր հան­րու­թիւնը։
Երե­կոն սկ­սաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, ապա օր­ուան հան­դի­սա­վար Ժէ­նի Նա­ճար­եան ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գելու Հա­յաս­տա­նի եւ Սուր­իոյ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը։
   Արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քով Ռաֆ­ֆի Պալ­եան շեշ­տեց Սուր­իոյ մէջ մշա­կու­թա­յին կեան­քի վե­րաշ­խու­ժաց­ման կա­րե­լիու­թիւնը, դի­տել տա­լով որ հա­յու­թիւնը դրա­կան իր ներդ­րու­մով կը ծաղ­կեց­նէ մշա­կու­թա­յին խճան­կա­րը:
   Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով Մեղ­րիկ Մու­շոյ­եան շեշ­տեց հայ մշա­կու­թա­յին եւ երաժշ­տա­կան կեան­քին շուրջ երի­տա­սարդ­նե­րու ներգ­րաւ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը:
   Այ­նու­հե­տեւ Էսդ­րատա­յին խում­բը 23 նուա­գող­նե­րէ բաղ­կա­ցած բեմ բարձ­րա­ցաւ, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ տոքթ. Ռաֆ­ֆի Ապէճ­եա­նի:
   Հա­մեր­գին ըն­թաց­քին հն­չե­ցին Կո­մի­տա­սի, Արամ Խա­չա­տուր­եա­նի, Կոս­տան­դին Օր­բէլ­եա­նի, Խա­չա­տուր Աւե­տիս­եա­նի, Առ­նօ Պա­պա­ջան­եա­նի եւ Գու­սան Աշո­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, մաս­նակ­ցութ­եամբ երի­տա­սարդ տա­ղան­դա­ւոր մե­ներ­գող­նե­րու, որոնք տա­րի­նե­րէ ի վեր ձայ­նա­մար­զու­թեան կը հե­տե­ւին Հա­մազ­գա­յի­նի «Բ. Կա­նաչ­եան» երաժշ­տա­նո­ցի ու­սու­ցիչ, մա­յեսթ­րա Գայ­իա­նէ Սի­մոն­եան-Տէր­եա­նի մօտ։
   Յայ­տա­գի­րին զոյգ բա­ժի­ննե­րով մե­ներ­գե­ցին Լիւ­սի Յով­հա­նէս­եան-Այ­վազ­եան, Յա­կոբ Աշա­կերտ­եան, Դա­լար Պզ­տիկ­եան-Մա­թոս­եան, Մե­ղե­դի Փա­մպուք­եան, Ակա­բէ Ֆրանք­եան, մեթր Խա­չիկ Աշճ­եան, Ժագ Պոզ­եա­գալ­եան, Կաս­իա Պաղ­տիկ­եան, բժիշկ Պերճ Գա­սապ­եան եւ Մա­րի­նէ Մար­գար­եան։
   Աւար­տին խում­բի ղե­կա­վար երա­ժիշտ բժ. Ռաֆ­ֆի Ապէճ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան, «Ն. Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան եւ բո­լոր երա­ժիշտ­նե­րուն, որոնք իրենց ժա­մե­րը տրա­մադ­րե­ցին եւ մաս­նակ­ցե­ցան հա­մեր­գի յա­ջո­ղու­թեան։
   Հուսկ, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան իր սր­տի խօս­քով շեշ­տեց Հա­մազ­գա­յի­նի կա­րե­ւոր դե­րը՝ սե­րունդ­նե­րուն մշա­կու­թա­յին մեր ժա­ռան­գու­թիւնը փո­խան­ցե­լու եւ երի­տա­սարդ տա­ղանդ­նե­րու աշ­խա­տան­քով մեր կեան­քը հարս­տաց­նե­լու գծով։
Ժիրայր Կարապետեան
(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)