Երեքշաբթի՝ 25 Փետրուար 2020-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ ԳՐԱԿԱՆ ԿԼՕՐ ՍԵՂԱՆ-ի երկրորդ նիստը, Քեսապի Ս. Աստ. Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս:
Խմբակիս պատասխանատու ընկ. Կարօ Մանճիկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ամփոփ եւ հաճելի ոճով ներկայացուց Արդի Հայ Գրականութեան զարթօնքի շրջանը, տիրող պայմանները եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայ գրականութեան վրայ: Ապա տիկին Սեւան Ասատուրեան Մանճիկեան ներկայացուց Արդի Հայ Գրականութեան իրապաշտ շրջանը: Որմէ ետք ներկայացուեցաւ նաեւ գեղապաշտ շրջանը հասնելով մերօրեայ գրականութեան:
Աւարտին ընկ. Կարօ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց մասնակցութեան համար:
Սփիւրքի մէջ գործող միութիւններուն՝ հատկապէս Համազգայինի առաջնահերթ խնդիրն է հայկական մշակոյթի, արժէքներու, լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնել երիտասարդ սերունդին մօտ: