Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան եւ Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի երրորդ համերգը, Ուրբաթ 4 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
   Համերգին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան։ Ան մատնանշեց Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնելով, որ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, միջազգային եւ հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններուն ծանօթացնելով անոնց։
   Խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեանին, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ուսուցչական ողջ անձնակազմին:
   Օրուան հանդիսավարն էր ջութակի ուսուցչուհի Տեսիլ Սարեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
   Երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեան գնահատական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Պիոներական շարժումի (منظمة طلائع البعث) Հալէպի մակարդակի քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած երաժշտանոցի հինգ աշակերտներուն։
   Յիշենք, որ վաղը՝ Շաբաթ 5 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի պիտի ունենայ ամավերջի չորրորդ եւ վերջին համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։