Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան եւ Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի երկրորդ համերգը, Հինգշաբթի 3 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
   Համերգին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան։ Ան մատնանշեց Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնելով, որ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, միջազգային եւ հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններուն ծանօթացնելով։
   Խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէն Ռուզան Պարսումեանին, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ուսուցչական ողջ անձնակազմին:
   Օրուան հանդիսավարն էր դաշնամուրի ուսուցիչ Ռաֆֆի Պալեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան գեղեցիկ ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
   Երաժշտանոցի տնօրէնուհի օրդ. Ռուզան Պարսումեան գնահատական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Պիոներական շարժումի (منظمة طلائع البعث) Հալէպի մակարդակի քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած երաժշտանոցի հինգ աշակերտներուն։
   Յիշենք, որ վաղը՝ Ուրբաթ 4 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի պիտի ունենայ ամավերջի Գ. համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։