Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան եւ Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի չորրորդ եւ վերջին համերգը, Շաբաթ 5 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
   Համերգին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Քրիստ Փայասեան։ Ան մատնանշեց Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնելով, որ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, միջազգային եւ հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններուն ծանօթացնելով անոնց։
   Խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեանին, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ուսուցչական ողջ անձնակազմին:
   Օրուան հանդիսավարն էր ֆլիւթի ուսուցչուհի Շողեր Գերպապեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
   Համերգի աւարտին, երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեան գնահատական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Պիոներական շարժումի (منظمة طلائع البعث) Հալէպի մակարդակի քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած երաժշտանոցի հինգ աշակերտներուն՝
  – Աւօ Չիլ Աբոշեան (դաշնամուր)- 5-րդ դասարան
  – Մինաս Քէօշկէրեան (դաշնամուր) – 4-րդ դասարան
  – Յակոբ Գազէզեան (դաշնամուր)- 4-րդ դասարան
  – Մարիա Պաղտոյեան (ջութակ)- 5-րդ դասարան
  – Սագօ Պալապանեան (ջութակ)- 4-րդ դասարան
   Այս առիթով երաժշտանոցի վարչութիւնը քաջալերական նուէրով պարգեւատրեց երաժշտական մարզէն ներս յաջողութիւն արձանագրած հինգ աշակերտները, անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ։
   Յիշենք, որ Աւօն եւ Մարիան յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնին Թարթուս, մասնակցելու Սուրիոյ մակարդակի քննութիւններուն։