Օժանդակել կարիքաւորներուն, ուսում ջամբել չքաւորներուն, ընկերային ծառայութիւն մատուցել կարօտեալներուն, և վերջապէս հայ ժողովուրդին մայրութիւն ցուցաբերելը եղած է Ս.Օ.Խ-ի վսեմ առաքելութիւնը: Արդարեւ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 9-ին Գամիշլիի խաչուհիները հոգեկան մեծ հրճուանքով խոհանոցային աշխատանք կը տանէին պատրաստելու համար համեղ նախաճաշ (Մամունիա) Համազգային «Փարոս» ամառնային վարժարանի փոքրիկներուն, որուն համար վարժարանի տեսչութիւնը մեծապէս շնորհակալ եղաւ հիւրասիրութեան համար։