Ուրբաթ 17 Յուլիսին Փարոս ամառնային դպրոցի աշակերտները ուղղուեցան «Մհարքան» քրիստոնէաբնակ գիւղի Ս.Գէորգ եկեղեցին։ Անոնք երկիւղածութեամբ աղօթեցին եւ հետեւեցան ընկհ. Ռիթա Տէր Սարգիսեանի դասախօսութեան, որն էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան եւ վարդավառի տօնը։ Ետքը հաճելի պահեր անցուցին եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող խաղավայրին մէջ։ Անոնք օրուայ աւարտին յոգնած բայց բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները իրենց մտքերուն մէջ կրելով առաւել յիշատակի թերթ մը հարստացնելու ամառնային դպրոցի յիշատակներու գրքոյկը։