Յուշիկ Ղազարեան

   Դաժան մահը անգամ մը եւս իր ամէնէն քստմնելի պատկերով ներկայացաւ: Սգակիր դարձուց մեզ ու հրաւիրեց հրաժեշտ տալու մեր կենսուրախ ժպիտով, կեանքով լեցուն, աշխուժ եւ ստեղծագործ ընկերուհիին:Յուշիկ Ղազարեան
Յուշիկ Ղազարեան՝ կեանքի տարեթիւերով փոքր, բայց գործունէութեամբ եւ նուաճումներով հսկայ ժառանգութիւն ու յուշեր ձգած հեռացաւ, անդառնալի իր կորուստին ցաւով համակելով իր հարազատները, շատ սիրելի աշակերտները, միութենական եւ գաղափարական ընկերները ու բոլոր անոնք, որոնք գէթ կարճ պահ մը կարելիութիւնը կամ առիթը ունեցան վայելելու իր խանդավառ, կենսունակ ու զուարթ ներկայութիւնը:

   Աշակերտական եւ պատանեկան տարիներէն այլազան դրսեւորումներով արտայայտուած հայերէնի սէրը, գերազանցելով ուսանած մասնագիտութռան հանդէպ հետաքրքրութիւնը, զինք առաջնորդեց դէպի ուսուցչական ասպարէզ, ուր իր ունեցած քանի մը կարճ տարիներու աւանդը բաւարար եղաւ զինք կոչելու նուիրեալ հայերէնաւանդ, իւրայատուկ եւ նորարար, սիրուած ուսուցչուհի: Այս մասին կը վկայեն Ազգ. Սահակեան, Զաւարեան, Կրթասիրաց, Բեթէլ եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի բազմաթիւ աշակերտները:
   Հայ մշակոյթին իր պաշտամունքը չէր կրնար զինք հեռու պահել Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան շրջանակէն, որուն անդամակցելով երկար տարիներու վրայ ծաւալեց յատկանշական եւ յիշատակելի գործունէութիւն, եւ այդ բոլորին պսակումը եղաւ Միութեան Շրջանային Վարչութեան պատասխանատու աշխատանքին կոչուիլը, զորս մինչեւ անողոք հիւանդութիւնը շարունակեց խղճմտօրէն: Գրականութեան եւ ի մասնաւորի թատրոնի հանդէպ սէրը շատ վաղ տարիքէն սիրողականէն դէպի մասնագիտական անցում մղեց զինք: Աշակերտական-դպրոցական փորձերով սկիզբ առած ճանապարհորդութիւնը, թատերագիրի, դերասանի եւ բեմադրիչի դերերով հարստացուց զինք եւ Յուշիկը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին, որուն պսակումը եղաւ իրեն շնորհուած թատերական յատուկ մրցանակը:
   Պատանեկան, Երիտասարդական, Ուսանողական միութիւններու մէջ կազմաւորուած նուիրեալ եւ գաղափարապաշտ դաշնակցականի նկարագիրով, յանդուգն, համարձակ եւ դժուարութիւններու առջեւ չընկրկող բնաւորութեամբ բոլորին վստահութիւնն ու յարգանքը վայելեց ան:
   Բազմատաղանդ եւ սիրելի՛ ընկերուհի, դուն ներկայ էիր հոն, ուր որ կարիքը կար: Քեզ տեսած ենք մերթ Ռատիօ Երազի ուղիղ սփռումներուն բծախնդիր աշխատանքին ընթացքին կամ այլազան յայտագիրներու պատրաստութեամբ ծանրաբեռնուած, մերթ «Գանձասար»ի տարբեր բնոյթի աշխատանքներով կլանուած, մերթ ալ դաստիարակչական կամ կազմակերպչական բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած: Այս բոլորին մէջ ընդհանրական մէկ գիծդ յատկանշական էր` անձնուրաց նուիրում:
   Այս բոլորը ետին ձգած, ֆիզիքապէս յոգնած կեանքի պայքարէն, այսօր կը փոխադրուիս անդէնական, սակայն գործերովդ կը մնաս միշտ կենդանի մեր մէջ եւ օրինակ` յաջորդ սերունդներուն:
   Թող Աստուած քեզ արժանացնէ երկնքի արքայութեան եւ հոգիդ հանգչեցնէ իր լուսեղէն յարկերէն ներս:
   Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, ընկերուհի՛ Յուշիկ:
   Հ.Ե.Մ.-ի ընտանիք

(Շաբաթ, 9 Օգոստոս 2020)

(Լոյս տեսած է «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ)