Ուրբաթ, 9 Օգոստոս 2019-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Համազգայինի մեծ ընտանիքը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Այցելութեան ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ ընկեր Կարօ Ալեքսանեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի, «Զուարթնոց» Երգչախումբի, «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի, Հայագիտական Հիմնարկի եւ Թատերական Միաւորի վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ «Զաւարեան» Սրահի Յանձնախումբը:
Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ ընկ. Կարօ Ալեքսանեանն ու Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ ունեցան մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցը եւ Միութեան տարած մշակութային գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ Համազգայինի մեծ ընտանիքի Վարչութիւնները Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ եւ մօտէն ծանօթացուցին Միութեան կազմերուն տարած մշակութային աշխատանքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին գործունէութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու՝ միասնաբար ծաղկուն պահելու սուրիահայութեան մշակութային կեանքը:
Աւարտին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յուշանուէր մը նուիրեց: «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը եւս յատուկ յուշանուէրով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, «Զուարթնոց» Երգչախումբի վարչականներուն կատարողութեամբ:

ԳԱՆՁԱՍԱՐ