Շաբաթ 27 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի միաւորի վարչութեան եռանդամ պատուիրակութիւնը, տնօրէնուհի Օրդ. Ռուզան Պարսումեանը եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Օրդ. Շուշիկ Ղազարեանը։
   Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ երաժշտական դպրոցի աշխատանքներուն։
   Այցելութեան առիթով, երաժշտական դպրոցի վարչութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը խնդրեց Հինգշաբթի 11 Մարտ 2021-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունենալիք երաժշտանոցի շրջանաւարտ աշակերտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութեան։
   Յիշենք, որ նախորդ տարի երաժշտանոցէն շրջանաւարտ դարձան մէկ երգեհոնի եւ 14 ձայնամարզութեան աշակերտներ, որոնց աւարտական հանդէսը հետաձգուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով։
   Սրբազան Հայրը քաջալերեց եւ մեծապէս գնահատեց հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն երաժշտական դպրոցին տարած գործունէութիւնը մշակութային բնագաւառէն ներս։
Մասիս եպիսկոպոս իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն, մաղթելով բարեյաջող մշակութային գործունէութիւն։