Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան եւ Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի ամավերջի առաջին համերգը, Չորեքշաբթի 2 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
   Համերգին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Քրիստ Փայասեան։ Ան մատնանշեց Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը, յայտնելով, որ երաժշտանոցը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կը նպատակադրէ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել նոր սերունդներուն մօտ, անոնց ծանօթացնելով միջազգային եւ հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններուն։
   Խօսքի աւարտին, ան Վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ սատար կը հանդիսանայ երաժշտանոցի գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէնուհի Ռուզան Պարսումեանին, ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ ուսուցչական ողջ անձնակազմին:
   Օրուան հանդիսավարներն էին Անի Պօղիկեան եւ Փաթիլ Քէչէճեան։
   Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան ձայնամարզութեան եւ երաժշտական գործիքներու աշակերտները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան գեղեցիկ ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն:
Յիշենք, որ վաղը՝ Հինգշաբթի 3 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ամավերջի Բ. համերգը։ Հրաւիրուած էք բոլորդ։